image

Իրան Քիւրտիստանի հետ երկու անցակէտ պիտի վերաբանայ

Իրան Քիւրտիստանի հետ երկու անցակէտ պիտի վերաբանայ

Իրանի Ներքին գործոց նախարար Ապտ Ալ Ռիտա Ռահմանի Ֆատլի յայտարարած է, որ Իրան նպատակ ունի յառաջիկայ երկու օրերու ընթացքին վերաբանալ Իրաքեան Քիւտիստանի հետ երկու՝ Պաշմաք եւ Թամրճին անցակէտերը:

Ըստ իրանեան «Ֆարս» լրատուական գործակալութեան, այս մասին Ֆատլի յայտնած է Իրանի Առեւտրական պալատի նիստի ժամանակ:

Նշենք, որ յիշեալ անցակէտրերը Իրանի կողմէ փակուած էին ամիսներ առաջ, անխակութեան հանրաքուէի նախօրէին, ի պատասխան Իրաքի պետութեան խնդրանքին: