Ինձ կ'ուրախացնէ հայազգի ֆութպոլիսթ Արազ Օզպիլիսի Պեշիքթաշ տեղափոխուելու լուրը: Մարզական մրցակցութիւնը հասարակութիւններու միջեւ կամուրջ կը ներկայանայ եւ անկասկած կը հզօրացնէ եղբայրական յարաբերութիւնենրը: Արազ Օզպիլիսի իր մարզական ասպարէզը կը շարունակէ Թուրքիոյ մէջ, որ մեծ առիթ կը հանդիսանայ թուրք եւ հայ ժողովուրդներու բարեկամական կապերը ամրապնդելու համար: Հակառակ ասոր, մեզ կը նեղացնէ, սոցցանցերու մէջ Օզպիլիսի դէմ ազգայնամոլ աղմուկի բարձրացումը: Անհրաժեշտ է յիշել, որ Օզպիլիսը ծնած է Սթամպուլի Պաքըրքոյ շրջանը: Բացի այդ, երկրի մէջ ֆութպոլի առաջին ներկայացուցիչները եղած են ոչ իսլամները: Օրինակ. թրքական ֆութպոլի կարեւոր անուններէն մէկն էր՝ ծագումով յույն Լեֆթըր Քուչուքանտոնյատիսը: Սիրելի Արազ Օզպիլիսն եւ Պեշիքթաշին կը մաղթեմ յաջողութիւն: Ես կը հաւատամ, որ Թուրքիոյ ամենամեծ ակումբներէն մէկը համարուող Պեշիքթաշը կը ցուցաբէ եղբայրական կամքը: Սիրելի Արազ, բարով եկած ես, Քու ծնած հողերդ, քու տունդ: