image

Ինչո՞ւ Էրտողան Կը Զօրակցի Ազրպէյճանի. «Ալ Տիար»

Ինչո՞ւ Էրտողան Կը Զօրակցի Ազրպէյճանի. «Ալ Տիար»

Թուրքիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Շաբաթ առաւօտ կանուխ, Ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ, եւ թուրքական բացայայտ աջակցութեամբ՝ բնակելի վայրերու վրայ եւ Արցախի հետ շփման գիծի ամբողջ տարածքին շարունակուող ռազմական յարձակումներու լոյսին տակ, Ազրպէյճանի նախագահ  Իլհամ Ալիեւը երէկ  Ազրպէյճանի անվտանգութեան խորհուրդի նիստին յայտարարած էր, որ Պաքուն պատերազմ չուզեր, «այլ արդարութիւն կը պահանջէ եւ խաղաղ ճանապարհով հակամարտութիւններուն լուծում տալ»: Ազրպէյճանական կողմը իր հերթին նախքան այս, յայտարարած էր միակողմանի կերպով բոլոր տեսակի ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու որոշման մասին, սակայն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ նման որոշում մը բոլորովին կը հակասէ իրականութեանը:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան խոստացած է աջակցիլ Ազրպէյճանին, որ կը հանդիսանայ Անգարայի «մնայուն» դաշնակիցը. «Մենք կ'աղօթենք, որ մեր եղբայր ազերիները յաղթական կողմը ըլլան այս մարտերուն, եւ նուազագոյն կորուստներով դուրս գան անկէ», ըսած էր Էրտողան: Ան նաեւ յարձակած էր Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի նախագահութեան տակ գործող Մինսքի խումբին վրայ, որ տարիներէ ի վեր կը փորձէ լուծում գտնել Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանի շուրջ եղած վէճերուն, սակայն՝ ապարդիւն, նշելով, որ «եթէ Մինսքի խումբը արդար եւ վճռական քայլեր ձեռնարկէր, նման դէպքեր չէին պատահեր»:

Թուրքիան, որ զօրաւոր մշակութային եւ լեզուական կապեր ունի Ազրպէյճանի հետ, կը համարուի Պաքուի առանցքային դաշնակիցը, միաժամանակ առանց համապատասխան յարաբերութիւններ մշակելու Հայաստանի հետ, անոր հետ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կոտորածներու հետ ունեցած տարակարծութեան պատճառով, որ Հայաստանի կողմէ կ'ընդունուի որպէս Ցեղասպանութիւն, մինչ Թուրքիա կը հրաժարի զայն ճանչնալէ:

Կը նշուի նաեւ, որ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ մեկնարկուած այս ռազմական յարձակումները 1994-ի Մայիսի հրադադարէն ետք, սրութեան մէջ իրենց նախադէպը չունեցող գործողութիւններ են:

Իր հերթին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն քննադատած է լռութիւնը՝ Հայաստանի կողմէ 7 տարիներէ ի վեր շարունակուող ազրպէճանական տարածքներու գրաւման մասին, հակառակ ՄԱԿ-ի ու Եւրոպական խորհուրդի կողմէ այս առումով եղած միջազգային բանաձեւերուն: Կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ան կոչ ըրած է «Ղարաբաղեան» հարցին հնարաւորինս արագ  լուծում տալ, պահպանելով  ազրպէյճանական սահմաններու եւ հողերու միասնութիւնը:

Միւս կողմէ Իրանը յայտնելով լուրջ մտահոգութիւնը, իր երկու հիւսիսային հարեւաններուն զսպուածութեան կոչ ըրած է եւ պահանջած է մարտերու անյապաղ դադարեցում, խուսափելու համար աւելի բարդ հանգամանքներու ստեղծումէն: Այս կապակցութեամբ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հուսէյն Տահքանը հեռաձայնային կապ հաստատած է իր երկու հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ, շեշտելով  առճակատումներու անյապաղ դադարեցման եւ բանակցութիւններու ու երկխօսութեան միջոցաւ ճգնաժամի լուծման անհրաժեշտութիւնը: