Սուրիոյ բանակի զօրավար Սուհէյլ Հասան, որ յայտնի է «Նըմըր» ծածկանունով բորբոքած է , երէկ երեկոյեան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին կողմէ հրադադար հաստատելու վերաբերեալ որոշումին հրապարակումէն ետք: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար»ը նշելով, որ Հասան, որուն յանձնուած էր Արեւելեան Ղութա մուտք գործելու պարտականութիւնը զայրացած է որոշման մասին լուրը ստանալէ ետք տրուած ըլլալով, որ 2500 զինուորներու գլուխը անցնելով կը պատրաստուէր ճեղքել ահաբեկիչներու պաշտպանական գիծերը եւ քլմ. խորութեամբ Ղութա մտնելէ ետք կը պատրաստուէր ճանապարհ հարթել սուրիական բանակի թանկերուն:
Կ'ըսուի նաեւ, որ լուրի հրապարակումէն ետք «Վագր» ծածկանունով յայտնի զօրավարը փակած է իր հեռախօսները եւ անթել հաղորդակցութեան սարքերը ու առանձնացած իր սենեակէն ներս:
Սուհէյլ Հասան վերջին օրերուն յայտատարութիւններ կատարելով ըսած էր, որ ամէն գնով վերջ պիտի տայ Դամասկոսի խաղաղ բնակչութեան շրջանները թիրախաւորող ահաբեկիչներու գործունէութեան: