image

Ի՞նչ ըսած է նախագահ Հաֆէզ Ասատ PKK-ի հիմնադիր Ապտալլա Օճալանին

Ի՞նչ ըսած է  նախագահ Հաֆէզ Ասատ  PKK-ի հիմնադիր Ապտալլա  Օճալանին

Սուրիոյ խորհրդարանի քիւրտ պատգամաւոր Օմար Օսի անդրադառնալով անկախ Քիւրտիստան հիմնադրելու գաղափարին, նշած է, որ այն «հին» երազանք է, որ սիոնիստական երկիրներու կողմէ շահագործուած է ի վնաս քիւրտերուն, միաժամանակ շեշտելով, որ Սուրիոյ քիւրտերու իրավիճակը տարբեր է Իրանի, Իրաքի եւ Թուրքիոյ քիւրտերու իրավիճակէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Օսի մանրամասնելով պատմած է, թէ Սուրիոյ այն շրջանները, ուր քիւրտեր կ'ապրին, կը յատկանշուին անով, որ տարբեր կրօնքներու եւ խաւերու ներկայացուցիչներ կ'ընդգրկեն, եւ «քրտական շրջան» կոչուող եզր գոյութիւն չունի, բացի անկէ, այդ շրջանները աշխարհագրական ոչ մէկ առնչութիւն ունին միւս երեք քրտական շրջաններուն հետ, անգամ Սուրիոյ քիւրտերը ժողովրդագրական առումով տարբեր են միւսերէն, բան մը, որ անհնար կը դարձնէ քրտական պետութեան հիմնադրումը:

Ըստ սուրիացի քիւրտ պատգամաւորին, քիւրտերու աշխարհագրական դիրքերը հետեւեալ կերպով կը տարածուին.

Թուրքիոյ Քիւրտիստան, ուր կ'ապրի 25 միլիոն քիւրտ

Իրանի Քիւրտիստան, ուր կ'ապրի 10 միլիոն քիւրտ

Իրաքի Քիւրտիստան, ուր կ'ապրի 7 միլիոն քիւրտ

Իսկ Սուրիոյ քիւրտերու թիւը կը կազմէ 2 միլիոն

Քիւտ պատգամաւորին պնդմամբ, «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» հիմնադիր Օճալան սերտ յարաբերութիւններ ունէր Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ալ Ասատի հետ: Օսի յիշել տուած է Ասատի եւ Օճալանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյց մը, երբ Ասատ ըսած է. «Ընկե'ր Աբօ, դուն ռազմավարական եղբայր եւ ընկեր ես, եւ այն, ինչ կը կատարուի քու դէմդ, կը կատարուի նաեւ Սուրիոյ դէմ: Դուն պարտաւոր չես լքել Սուրիան, բացի այն պարագայէն, երբ աւելի ապահով ապաստան կը գտնես, քու անձնական կեանքիդ ապահովութեան համար, անգամ եթէ ստիպուինք Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի դէմ պատերազմ մղել»:

Օսի անդրադարձած է նաեւ այժմու նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի օրօք քիւրտերուն ընձեռնուած հնարաւորութիւններուն, որոնցմէ է Դամասկոսի համալսարանին մէջ քրտական գրականութեան ամպիոն հիմնելը:

Սուրիացի քիւրտ պատգամաւորը հաստատած է, որ քրտական պետութիւն հիմնելու երազը «աւելին չէ, քան Եւրոպայի գինետուներուն մէջ դեգերող գինով երիտասարդի մը երազանքը», միաժամանակ նշելով, որ արտասահմանի մէջ որոշ քիւրտեր «քաղաքական խանութ» կը բանան, ուրկէ քիւրտերու անունով յայտարարութիւններ կը կատարեն, սակայն անոնք ոչ մէկ կերպով կը ներկայացնեն քիւրտերու կարծիքը, մանաւանդ, որ Սուրիոյ բանակի շարքերուն մեծ թիւով քիւրտեր յանուն սուրիական հայրենիքի պայքարեցան ու զոհուեցան: