image
Հրատապ լուրեր:

Ինչ ոճով կը գործեն լիբանանցի երեսփոխաններուն թիկնապահները. Օրինակ մը

Ինչ ոճով կը գործեն լիբանանցի երեսփոխաններուն թիկնապահները. Օրինակ մը

Լիբանանի Պերքայէլ շրջանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական դիրքի չարաշահման դէպքը ցնցած է համացանցը:

«Ո՞ւր է պետութիւնը» ֆէյսպուքեան էջը տեսանիւթ մը հրապարակած է, ուր լիբանանցի պատգամաւոր Փիեռ Ռաֆֆուլի շքախումբը Պերքայէլէն անցած պահուն միջին չափի մարդատար ինքնաշարժի մը պատճառով խցանման մատնուած է: Այդ պահուն, պատգամաւորի թիկնապահներէն մէկը, որ զինուորական մըն է, մօտենալով խցանման պատճառ դարձած վարորդին, վերջինիս ուղղութեամբ պահելով իր պատերազմական հրացանը սկսած է անարգալից խօսքերով նուաստացնել զինք, սպառնալով անոր միջոցով ամբողջ գիւղը դաստիարակել:

Այնուհետեւ թիկնապահը վերադառնալով իր ինքնաշարժ, պատգամաւորին հետ միասին շարունակած է իր ճանապարհը: