image

Ինչ պատահած է երէկ Պէյրութի մէջ (Լուսանկարներ)

Ինչ պատահած է երէկ Պէյրութի մէջ (Լուսանկարներ)

Երէկ գիշեր, վարչապետ Սաատ Հարիրիի համակիրնեը, կրկին անգամ փակած են Պէյրութի գլխաւոր փողոցները: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը, նշելով, որ Հարիրիի համակիրները մասնաւոապէս փակած են Պէյրութի գլխաւոր մարզադաշտի շրջակայքի բոլոր մայրուղիները:

Յիշեցնենք, որ անցնող օրերուն այս երկրորդ անգամն է, որ նման դէպքեր կը կատարուին, երբ զայրացած ամբոխը փողոց իջնելով եւ անիւներ այրելով, կը փորձէ փակել մայրաքաղաքի գլխաւոր մայրուղիներ:

Բողոքի այս ալիքը բարձրացած էր մասնաւորապէս տիւրզի երեսփոխան Ուիամ Ուահապի Հարիրիի դէմ կատարած վիրաւորական յայտարարութիւններէն ետք:

Սա առաջին անգամը չէ,  որ Ուահապ ծանր քննադատութիւններ կ'ուղղէ Սաատ Հարիրիին:

Նոյն ծիրին մէջ կը հաղորդուի նաեւ, որ Սաատ Հարիրի եւ «Մուսթաքպալ» հոսանքի պատասխանատու մարմինները կոչ ուղղած են իրենց համակիրներուն, արագօրէն վերաբանալ ճանապարհները եւ քաշուիլ բոլոր փողոցերէն, վերջ տալով բողոքի իրենց շարժումներուն: