Պոլիս լոյս տեսնող «Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Գոչունեանի խօսքով, պոլսահայ համայնքին համար հիմա կրկին ճգնաժամային իրավիճակ է, բոլորը կը ցանկան իրենց «ինքնագլուխ նախաձեռնութիւն»ներով պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացն առաջ տանիլ: Ան «Tert.am»ի հետ զրոյցի ընթացքին սակայն պարզաբանած է, որ համայնքին այս գործելակերպը թրքական իշխանութիւններու դժգոհութիւնը կ՛առաջացնէ:
«Տեղապահ սրբազան Գարեգին Պէքճեանի պատրիարքարանին մէջ գործի անցնելէն ետք պատրիարքարանի ընտրութիւններու կայացման համար ստեղծուեցաւ նախաձեռնակ մարմին: Իշխանութիւններուն հետ առաջ տարուեցան շարք մը թղթակցութիւններ, որոնք անպատասխան կը մնային, սակայն Օգոստոսին ուղարկուեցաւ գրութիւն մը, որուն պատասխանը պէտք է անպայման ստացուէր (նկատի ունի ընտրութիւններու կայացման մասին դիմումը), իսկ Թուրքիոյ մէջ գրաւոր նամակներուն կը պատասխանեն երկամսեայ ժամկէտի մէջ: Հիմա ամսուայ կէսն արդէն անցած է: Պէտք է ըսեմ, որ համայնքի ազդեցիկ անձերը, որոնք պետական օղակներու հետ մեր համայնքներու խնդիրներուն հետ կապուած մշտապէս կապի մէջ են, ունին տեղեկատուութիւն, որ համայնքի օրակարգային հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ պետութեան ակնկալիքն իրագործելը՝ պատրիարքական ընտրութիւններու նախաձեռնակ մարմինը լուծարելը»,- նշածէ Արա Գոչունեան:
Անոր խօսքով, տակաւին անյայտ է, թէ ինչու թրքական իշխանութիւնները կը ցանկան լուծարել Պոլսոյ պատրիարքարանի ընտրութիւններն իրականացնող նախաձեռնակ մարմինը: Ըստ Արա Գոչունեանի, տարբեր վարկածներ կան անոր հետ կապուած:
Դիտարկման, թէ արդեօք Թուրքիոյ իշխանութիւններն իրաւունք ունի՞ն խառնուելու համայնքային ներքին հարցերուն, Արա Գոչունեան պատասխանած է․ «Թուրքիոյ իշխանութիւնները համայնքի ներքին գործերուն խառնուելու իրաւունք չունին եւ պիտի չխառնուին: Բայց հաշուի առնելով այն, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններն ունին ազատութիւն իրենց ցանկալի մարդոց հետ համագործակցելու, այս պարագային մենք դէմ հանդիման կը գտնուին այն խնդիրին առջեւ, որ մեր համայնքը կը փորձէ առանց պետութեան հետ համաձայնեցնելու պատրիարքական ընտրութեան գործընթացն առաջ տանիլ»:
Արա Գոչունեանի խօսքով, հայ համայնքը, առանց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ համաձայնեցնելու, փորձեց գործընթացն առաջ տանիլ, որ «հանդիպեցաւ անհեռանկար ապագայի»:
«Նախաձեռնակ մարմնի լուծարման պահանջը կը նշանակէ, որ պատրիարքական ընտրութիւն ձեռնարկելու համար պահը չէ հասունցած, որովհետեւ 15 Մարտին, երբ Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահ ընտրուեցաւ Գարեգին պէքճեան, նահանգապետարանէն գրութիւն եկաւ, ուր Պոլսոյ նահանգապետը պետութեան անունով կ՛ըսէր, որ պատրիարքական ընտրութիւններու իրականացման համար իրաւական հիմքեր գոյութիւն չունին: Մեր համայնքն այդ նամակն իր խորքային բնոյթով ընկալելու փոխարէն փորձած է պայմանաւորել եպիսկոպոսներու մրցակցութեամբ (նկատի ունի Արամ Աթէշեանն ու Գարեգին Պէքճեանը): Եւ այդ մակերեսայնութիւնը բերաւ յանգեցուց այսօրուան խնդիրներուն»,- նշած է ան:
Յիշեցման, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան խոստացած էր, որ Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան սահմանադրական հանրաքուէէն ետք, Արա Գոչունեան արձագանգած է, որ Թուրքիոյ նախագահն իր որոշումը պիտի իրականացնէ, սակայն թէ սահմանադրական հանրաքուէէն ետք ճիշդ ե՞րբ, յայտնի չէ:
Անդրադառնալով անոր, որ պոլսահայ համայնքին մէջ մէկ մասը վստահ էր, որ ընտրութիւնները տարեվերջին տեղի պիտի ունենան, Արա Գոչունեան նշած է, որ մարդոց նման սպասումներն ու վստահութիւնը զարմանք կ՛առաջացնէ:
«Երբեք ալ այդքան ակնյայտ չէր, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան: Անգամ այն մարդիկ, որոնք ընտրութիւններու կայացման օր նշանակած էին, վստահ չէին ընտրութիւններու այդ հարցին մէջ, սակայնկը լռէին»,- նշած է ան: Վերջինս աւելցուցած , որ հիմա իսկապէս համայնքին մէջ պատրիարքական ընտրութիւններուն հետ կապուած սպասումներն անորոշ են, հետեւաբար ժամկէտներու մասին խօսիլն արդէն անիմաստ է: