image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ երգեր կը նախընտրեն լսել արաբ առաջնորդները (Տեսանիւթ)

Ի՞նչ երգեր կը նախընտրեն լսել արաբ առաջնորդները (Տեսանիւթ)

Լիբանանեան «Ալ Տիար»ը նիւթ մը հրապարակած է արաբական կարգ մը երկիրներու առաջնորդներուն նախասիրած երգերուն եւ երաժշտութեան մասին: Աղբիւրը կը գրէ, որ երգն ու երաժշտութիւնը արաբ առաջնորդներու հիմնական նախասիրութիւններէն մէկն է , ուր պարզուած է, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է իր սիրած երգիչը, կամ երբեմն՝ սիրած երգը:

 

Մահմուտ Ապպաս.-

Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս նախորդ յայտարարութիւններուն մէջ ըսած է, որ իր սիրած երգիչը հրեայ Մոշէ Եահոն է, որու արմատները սուրիական Հալէպ քաղաքէն են: Ապպաս, խաղաղութիւն հաստատելու համար իսրայէլեան կառավարութեան հետ համագործակցելու կարեւորութեան մասին խօսած ժամանակ, նշած է, որ ինք ամէն օր իսրայէլեան երգեր կը լսէ:

 

Պաշար Ասատ.-

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ «i-tunes» երգերու ցանցին մէջ գրանցում ունի, որուն մէջ օտար երգեր պարունակող արխիւներ բացայայտուած են, որոնցմէ գլխաւորը բրիտանական Right Said Fred խումբի երգերը: Ասատ նաեւ մեծ սիրահար է Լիբանանցի երգիչ Նասրի Շամըս ալ-Տինին:

 

Ապտ ալ Ֆաթահ ալ Սիսի.-

Սիսի ըսած է, որ իր սիրած երգչուհին Ում Քալսումն է, բացատրելով, որ անոր՝ «Աքպալա ալ-Լայլ» (Գիշերը եկաւ) եւ «Ղատան Ալգաք» (Վաղը կը հանդիպիմ քեզ) երկու երգերը իր ամենասիրածն են: Սիսի հեռուստատեսային հարցազրոյցի մը ժամանակ ըսած է, որ ան շատ կը սիրէ նաեւ Ապտ ալՀալիմ Հաֆէզը, Ֆայիզա Ահմատը, Մուհամատ Ապտ ալ Ուահհապը եւ Ֆարիտ Ալ-Աթրաշը:

 

Միշէլ Աուն.-

Լիբանանի նախագահը լրատուական յայտարարութիւններու մէջ ըսած է, որ ինք կը նախընտրէ լսել Ասմահանը (Ամալ ալ Աթրաշ), եւ անոր եղբօր Ֆարիտ Ալ Աթրաշը, ինչպէս նաեւ Մուհամատ Ապտ ալ Ուահհապը, ինչպէս նաեւ Ռահպանի ընտանիքի երգերը: