«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «Ամուլսարի շահագործումը կասեցնելու հարցը ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը տրոհեր է երկու մասի՝ հանքը չշահագործելու կողմնակիցները աւելի քան 3 տասնեակ կը կազմեն, որոնք նախօրէին խմբակցութեան նիստի ժամանակ ներկայացուցած են իրենց հիմնաւորումները։
Եթէ իշխանութիւնը հանքի շահագործումը չկասեցնելու քաղաքական որոշում կայացնէ, չի բացառուիր, որ հակադիր թեւը առանձնանայ խմբակցութենէն՝ ստեղծելով «ինքնավար հանրապետութիւն»։ Հնարաւո՞ր է նման բան․ մեր լրագրողը հետաքրքրուած է «Իմ քայլի» պատգամաւոր, հանքի շահագործումը շարունակելու դիրքորոշման կողմնակից Յովիկ Աղազարեանէն։
Ան խուսափած է ուղիղ պատասխանէ․ «Եթէ այս հարցը իմ ընկերներու համար իսկապէս սկզբունքային հարց է, իրենք կրնան ընտրել իրենց ճանապարհը, բայց նոր իրողութիւններուն՝ իշխանութեան նկատմամբ վստահութեան արդիւնքով կարելի է փոքր չափով տեսակէտ փոխել»։