image

Հզօր պայթում մը ցնցեց Գամիշլին. Զոհերուն մէջ հայեր չկան.աղբիւր (Լուսանկար)

Հզօր պայթում մը ցնցեց Գամիշլին. Զոհերուն  մէջ հայեր չկան.աղբիւր (Լուսանկար)

«Տահէշ» ահաբեկչբական խմբաւորումը   այսօր  ծանր  սպանդ  մը   կատարած է Գամիշլիի մէջ:  Ըստ  մեր  աղբիւրին  «Մունիր  հապիպ» թաղամասին մէջ եղած ահաբեկչութիւնը    եղա է արդիւնք    ականուած     կառքի մը  պայթումին, որուն հետեւանքով   զոհուած են 44 անձեր եւ վիրաւորուած  տասնեակ  ուրիշներ Կը հաղորդուի նաեւ, որ պայթումը  եղած է  քրտական YPG խմբաւորման պատկանող  անցարգելի մը մօտ եւ պայթումի ուժգնութիւնէն    հրկիզուած ու պայթած է շրջանին մէջ եղող  այլ  բեռնատար այլ կառք մը:  «Արեւելք»ի Գամիշլիի  աղբիւրին   փոխանցմամբ  մինչեւ այս պահը   զոհուածներուն կամ վիրաւորներուն  մէջ հայերու անուններ չկան: