Հուսիներու եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ հակամարտութիւնը առաւել բորբոքելու սկսած է «Անսար Ալլահ»ի կողմէ սէուտական ուղղութեամբ արձակուած հրթիռներուն հետեւանքով:
Ըստ լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին, «Անսար Ալլահ» խմբաւորումը նշուած հրթիռները կ'արձակէ ի պատասխան Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ Միջազգային դաշնութեան կողմէ Եէմէնի դէմ շղթայազերծուած շրջափակման:
Նշենք, որ Եէմէնի դէմ յայտարարուած պատերազմի 1000-օրեակին առթիւ Հուսիները երէկ բալիստիկ հրթիռ արձակած են Ռիատի ուղղութեամբ, յայտարարելով, որ Սէուտական Արաբիոյ դէմ պայքարը նոր ընթացք պիտի ստանայ, եւ իրենց հրթիռներու թիրախ պիտի հանդիսանան սէուտական պալատները, ռազմակայաններն ու նաւթային կառոյցները:
Իր հերթին Սէուտական Արաբիա յայտարարած է, որ Իրանի մօտ պատրաստուած հրթիռները տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան կը սպառնան: