image

Հոլանտան սպառնացած է արտաքսել հայ ընտանիքը

Հոլանտան սպառնացած է  արտաքսել  հայ ընտանիքը

Հոլանտայի բողոքական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ արդէն մէկ ամիս շարունակ օրական 24 ժամ պատարագ կը մատուցեն հայկական ընտանիքի մը արտաքսումէն պաշտպանելու համար: Հոլանտական օրէնքի համաձայն՝ ոստիկանութիւնը արարողութեան ժամանակ եկեղեցի մտնել չի կրնար:

Կը հաղորդուի, որ երկրի տարբեր հատուածներէն հարիւրաւոր հոգեւորականներ եկած են, որպէսզի մասնակցին պատարագին:

Deutche Welle պարբերականը կը նշէ, որ «Հայաստան վերադառնալը ընտանիքի համար վտանգաւոր է, քանի որ ընտանիքի հայրը իր քաղաքական գործունէութեան պատճառով մահուան սպառնալիքներ ստացած է»:

Ընտանիքի անդամները չեն կրնար լքել եկեղեցին եւ չեն խօսիր լրատուամիջոցներու հետ: Ընկերային ցանցերու մէջ ընտանիքի անդամները բազմաթիւ աջակիցներ ունին:

Պարբերականը կը հաղորդէ, որ Հայարփին՝ աղջիկներէն մէկը, իր երախտագիտութիւնը յայտնած է բոլոր աջակիցներուն:

Ընտանիքը Հոլանտա կ'ապրի 9 տարիէ ի վեր: Դատարանի որոշմամբ՝ անոնց ապաստարան տրուած է, սակայն կառավարութիւնը բողոքարկած է այդ որոշումը: Այնուհետեւ անոնք դիմած են յատուկ ծրագրի (Children’s Pardon), որ թոյլ կու տայ փախստականներու երեխաներուն մնալ երկրի մէջ, եթէ անոնք այնտեղ ապրած են 5 տարի եւ մերուած են միջավայրին: Այստեղ նոյնպէս անոնք մերժում ստացած են:

Այսպիսով, եկեղեցին շարժում սկսած է՝ փորձելով ցոյց տալ կառավարութեան, որ պէտք է այլ ուղիներ փնտռել, քանի որ Հոլանտայի մէջ նման իրավիճակի մէջ յայտնուած է շուրջ 400 երեխայ:

SHANTNEWS.am-ը փորձած է այս առնչութեամբ մեկնաբանութիւն ստանալ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն: ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղեալեանը յայտնած է, որ կը զբաղուի այս հարցով եւ աւելի ուշ հանդէս կու գայ մեկնաբանութեամբ: