image

Հողին բոյրը. Վարուժան Թէնպէլեան

Հողին բոյրը. Վարուժան Թէնպէլեան

Վարդան կնոջը եւ զաւակին հետ կ՝ապրէր Պուրճ Համուտ մէջ: Ան ունէր վաճառատուն մը, որ հանգիստ եւ բարօր կեանք մը ապահոված էր իրեն եւ իր ընտանիքին:

Վարդան ուսեալ չէր, բայց մոլի կարդացող էր: Մտերիմները գիտէին որ ան վաճառատան մէջ ունէր ներքին սենեակ մը, ուր ան յաճախ կ՝առանձնանար: Ան այնքան լաւ տիրապետած էր արաբերէնին եւ տեղական բարքերուն, որ շատեր հայութեան լուսանցքին վրայ կ՝ուզէին տեսնել զինք:

Հոգը չէր: Ունէր իր առեւտուրը, ընտանիքը եւ...վաճառատան «գաղտնի» անկիւնը, ուր միայն քիչեր կրնային մուտք գործել: Ոչինչ գաղտնի ունէր այդ առանձնարանը: Սեղան մը, քանի մը աթոռ եւ գիրքեր: Պատերը զարդարուած էին հայ հերոսներու նկարներով եւ Հայաստանի հին ու նոր քարտէսներով: Կը սիրէր սերտել Հայաստանի եւ դրացի երկիրներուն պատմութիւը եւ քարտէսներով բացատրութիւններ կու տար:

Առանց Արցախի Հայաստանն ալ կը կորսնցնենք, կը բացատրէր ան իր մտերիմներուն:

Յաճախ օրերով չէր մտներ սենեակ՝ անկախ գործի հեւքէն: Հայաստանէն կամ Արցախէն հասած լուր մը ալեկոծած կ՝ըլլար հոգին, եւ վրդոված՝ քէն կը պահէր:

Իսկ ազերիներու ապրիլեան յարձակումէն ետք, չէր խօսուեր Վարդանին հետ: Յաճախ անտեղի վէճեր ալ կ՝ունենար իրեն շատ սիրելի յաճախորդներուն հետ: Մտքին մէջ կ՝եռար շատոնց տեղ գտած մտածում մը:

«Պէտք է երթամ Արցախ: Պէտք է տեղափոխուիմ Արցախ ընտանեօք», կը մտմտար ան, եւ մտածումը բարձրաձայն կ՝արձագանգէր առանձնարանին մէջ: Շատ չ՝անցնիր եւ ի զարմանս բոլորին, «ծախու է» կը կարդացուիՎարդանիվաճառատան փեղկին վրայ:

Վարդան կը ծախէ խանութը եւ տունը եւ...կ՝արծէք կ՝անհետանայ: Ոչ ոք յստակ գիտէր թէ ուր գնաց կնոջը եւ զաւկին հետ: Դրացիներէն շատեր կ՝ըսէին թէ Հայաստան պատրուակելով ան Քանատա գաղթած է:

Ամիսներ կ՝անցնին: Վարդան եւ անոր վաճառատունը մոռցուած պիտի նկատուէին եթէ դրացիներէն՝ Զոհրապը Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան ընթացքին, պատահմամբ տեսած չըլլար զինք:

Ստեփանակերտ, «Վերածնունդ» հրապարակին վրայ, յանկարծ ծանօթ ձայն մը Զոհրա՜պ, Զոհրա՜պ կը կանչէր: Ձայն տուուղը Վարդանն էր: Ան, կնոջը՝ Լուսինին եւ զաւկին՝ Տիգրանին հետ ման կու գար Ստեփանակերտի փողոցներով հին բնակիչի պէս: Մկանոտածմարմինը եւ արեւէն խանձուած երեսները անխառն կայտառութիւն եւ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէին: Լուսինին եւ Տիգրանին երջանիկ նայուածքները կրնային ամէնէն յուսահատ մարդն իտկ կախարդել:

Երկու հին դրացիները կ՝անցնին մօտակայ սրճարանը եւ կ՝ունենան զրոյց մը գաւաթի մը շուրջ, եւ ապա թաքսիով կ՝ուղղուին Վարդանի ապրած գիւղակը:

Պէյրութ վերադարձին, Զօհրապ արդար հպարտութեամբ կը պատմէր Վարդանին հետ իր հանդիպումին մասին: Ան ամէնէն աւելի կ՝ուզէր պատմել Վարդանի սեփական տան եւ տնամերձ հողատարծքին մասին: Վարդան նուէր ստաձած էր զանոնք՝ իր դրացիներու նման: Հրա՛շք, հրա՛շք տեղ է կ՝ըսէր Զոհրապ:

Միայն թէ, եթէ Լուսինըչփսփսար Զոհրապի ականջին, ան պիտի չիմանար որ Վարդան օրերով կը բացակայէր տունէն...

Իսկ տուն վերադարձին, ինքզինք կը յանձնէր հողին՝ ծառը, խոտը եւ ցանքը խառնելով քրտինքին եւ գիննին:

Հողին հոտը ուրիշ է, կ՝ըսէր Վարդան:

Հայրենի հողին հոտը կեա՜նք կու տայ կեա՛նք, կը կրկնէր ան....

 

 

 Վարուժան Թէնպէլեան