image
Հրատապ լուրեր:

Հրթիռներ Մատաղիսի ուղղութեամբ. Հակառակորդը 240 արկ նետած է hայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Հրթիռներ Մատաղիսի ուղղութեամբ.  Հակառակորդը 240  արկ նետած է  hայկական  դիրքերու ուղղութեամբ

Հակառակորդը կը շարունակէ    խախտել անցնող  5 ապրիլին  հրադադարի մասին ձեռք բերուած  պայմանաւորուածութիւնը: Այս մասին  լուրը կը փոխանցէ News.am կայքը: Աղբիւրը,  որ իր տեղեկութիւնը ստացած է   Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութիւնէն, նոյնպէս կը գրէ, որ ազրպրյճանեան ուժեր կրակ բացած են Մատաղիս շրջանի   անզէն  խաղաղայիններու բնակավայրին ուղղութեամբ:  Արձակուած են աւելի քան  240 հրթիռներ եւ  օգտագործուած է  յատկապէս  R 107     տիպի   արկանետ: