Հակառակորդը կը շարունակէ խախտել անցնող 5 ապրիլին հրադադարի մասին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ News.am կայքը: Աղբիւրը, որ իր տեղեկութիւնը ստացած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնէն, նոյնպէս կը գրէ, որ ազրպրյճանեան ուժեր կրակ բացած են Մատաղիս շրջանի անզէն խաղաղայիններու բնակավայրին ուղղութեամբ: Արձակուած են աւելի քան 240 հրթիռներ եւ օգտագործուած է յատկապէս R 107 տիպի արկանետ: