Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերու ռազմակայանի վրայ ամերիկեան հրթիռային հարուածներու պատճառած կորուստի չափը, ԱՄՆ ռազմական գերատեսչութեան ղեկավար Ճէյմս Մեթիսի գնահատմամբ կազմած է սուրիական ռազմական օդուժի 20 տոկոսը: Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ին, նշելով, որ 7 ապրիլին ամերիկեան ուժերը 59 հրթիռ արձակած են Հոմսի «Շըհիրաթ» զինուորական օդակայանի ուղղութեամբ:
Այս պահին սուրիական օդուժը հնարաւորութիւն չունի օգտագործելու «Շըհիրաթ» ռազմակայանը, ռազմական օդանաւերու վերալիցքաւորման համար, ըսած է Մեթիս:
Սպիտակ Տունը 10 ապրիլին յայտարարած է, որ Սուրիոյ ուղղութեամբ ամերիկեան հարուածները կրնան կրկնուիլ, եթէ քիմիական զէնքը կրկին օգտագործուի: