image

Հրատապ.Իսթանպուլ-Երեւան բոլոր թռիչքները ջնջուած

Հրատապ.Իսթանպուլ-Երեւան  բոլոր  թռիչքները  ջնջուած

Իսթանպուլ- Երեւան   նախատեսուած  բոլոր  թռիչքները  ջնջուած են։ 

Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն  ստացաւ   Պոլսոյ  իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրը  նաեւ յայտնեց, որ  այս առաւօտուն Պոլսէն Երեւան    նախատեսուած  թռիչքը նոյնպէս  ջնջուած է։ 

Կան տեղեկութիւններ,  ըստ որոնց     Թուրքիայէն  Հայաստան  թռիչքներ կազմակերպող   Atlas Global     օդանաւային ընկերութիւնը իր թռիչքները  մեզի ցարդ անյայտ պատճառներով  26 նոյեմբերէն  մինչեւ  21 դեկտեմբեր        Պոլիս-Երեւան նախատեսուած  բոլոր  թռիչքները    պիտի  սառեցուին։ Մեր  տուեալներով, երէկ գիշեր Պոլսոյ   նոր  օդակայան  փութացած   ուղեւորներ   անակնկալի եկած  են եւ անոնց մէջ կան    ՀՀ քաղաքացիներ, որոնք    յայտնուած  են ճարահատեալ  վիճակի  մը մէջ։