Լիբանանի մէջ շատ արագ եւ աննախընթաց զարգացումներ կը գրանցուին։
Այսօր տեղի ունեցող լայնածաւալ ցոյցերու կողքին կարեւոր դէպքեր գրանցուած են նաեւ երկրի ելեւմտական շրջանակներուն մէջ։
Լիբանանեան կարգ մը համացանցային լրասփիւռներ կը հաղորդեն, որ երկրի իրաւապահ մարմիններ ձերբակալած են տասնեակ լումայափոխներ , զանոնք փոխադրելով Ներքին Գործոց Նախարարութեան յատուկ կեդրոններ։
«Արեւելք»ի տիրապետած տուեալներով ձերբակալուած լումայափոխներուն մէջ կան նաեւ Պէյրութի կարգ մը հայահոծ շրջաններուն մէջ օրինական լումայափոխութեամբ զբաղուող հայորդիներ։
Մինչեւ այս պահը ձերբակալման պատճառներուն մասին լուրեր չեն հաղորդուիր, սակայն կ՚ենթադրուի, որ իրաւապահ մարմինները այս քայլին դիմած են տոլարի սակագնի տատանումներուն հետեւանքով։
Կը նշուի նաեւ, որ եղածին դէմ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն այսօր ՝ երեքշաբթի բոլոր լումայափոխները փակ պիտի պահեն իրենց վաճառատուները, մինչեւ իրենց գործընկերներուն ազատ արձակումը։
Յիշեցնենք, որ վերջին ժամերուն ընթացքին Պէյրութի մէջ ամերիկեան տոլարին սակագինը անցած է 4200 լիբանանեան թղթոսկիի սահմանները, մինչ պետութեան յորդորն է տոլարը վաճառել մինչեւ 3200 լիբանանեան լիրայով։