image

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի դատական յաջորդ նիստը 8 օգոստոսին

Հրանդ Տինքի  սպանութեան    գործի դատական  յաջորդ  նիստը   8  օգոստոսին

«Ակօս»  պարբերականի  հիմնադիր   նահատակ Հրանդ  Տինքի սպանութեան գործի շրջանակներուն մէջ  նոր ձերբակալումներ  եղած  են: Մասնաւորապէս ձերբակալուած են թրքական  «ժանտարմա»ի պաշտօնեաներ եւ անոնց մէջ է նաեւ Պոլսոյ նահանգային  «ժանտարմա»ի անվտանգութեան բաժնի պաշտօնեայ Ապտուլլահ Տինչ:

Հարցաքննութիւնը իրականացնող դատախազ Կէոքալփ Քէոքչու յայտարարած է, թէ Տինքի սպանութիւնը 15 յուլիս յեղաշրջման փորձին տանող գործընթացներուն մէջ արձակուած առաջին փամփուշտն էր:

Յուլիսի 15-ի յեղաշրջման փորձի շրջանակներուն մէջ ձերբակալուած լրագրող Էրճան Կիւն պատասխանատւութեան կանչուած է նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով: Նշենք, որ 15 Յուլիսի յեղաշրջման փորձի ձախողումէն ետք Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 27 նոր ձերբակալումներ եղած են եւ յաջորդ դատական նիստը տեղի  պիտի ունենայ  8 օգոստոսին: