«Հրանդ Տինք» հիմնադրամը «Փոքր Ասիոյ մշակութային ժառանգութիւն» նախագիծով կատարած է գանկագրումը հայերու, յոյներու, ասորիներու և հրեաներու կողմէ կառուցուած եկեղեցիներու, սինակոկներու, վանքերու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու ու գերեզմանատներու: Մօտ 2.5 տարի տեւած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք ցուցակագրուած է 10 հազարի չափ կառոյց, որոնցմէ 4.600-ը հայկական է, 4100-ը` յունական, 650-ը` ասորական, 300-ը` հրէական: Հիմնադրամը այս բոլոր կառոյցները ներառող քարտէս կազմած է, որը կարելի է տեսնել turkiyekulturvarliklari.com կայքէջիմ վրայ:
Աշխատանքները իրականացուցած են հետազօտողներ Վահագն Քեշիշեանը, Նորա եւ Զաքարիա Միլտանօղլուները, Նորայր Օլկարը, Մուսթաֆա Պաթմանը, Էզգի Տէնիզ Պերքը, Մերվէ Քուրթը, Թունա Պաշըբէքը եւ այլօք:
Բացի կանգուն մնացած կառոյցներէն, Հետազօտողները կազմած են նաեւ Փոքր Ասիոյ քանդուած, աւերուած, որպէս ախոռ օգտագործուող կամ մզկիթի վերածուած կառոյցներու ցանկը: Վերոնշեալ նախագիծին աջակցած են Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարարութիւնը, «Բաց հասարակութիւն» եւ «Chrest» հիմնադրամները:
Թուրքիոյ քրիստոնէական կառոյցներուն վերաբերեալ նմանատիպ համապարփակ ուսումնասիրութիւն ցարդ չէր կատարուած:
Հետազօտողները նշած են, որ որպէս աղբիւր լայնօրէն օգտուած են եկեղեցական մատեաններէն: Ուսումնասիրութիւններ կատարելու հնարաւորութիւն ունեցած են նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան ենթակայութեան տակ գտնուող Օսմանեան արխիւներուն մէջ:
Նախագիծի յաջորդ հանգրուանով կը նախատեսուի այցելել Թուրքիոյ տարբեր շրջաններ եւ մէկ առ մէկ ստուգել բոլոր այն կառոյցները, որոնց մասին հետազօտողները տեղեկութիւններ հաւաքագրած եւ արձանագրած են:
Նիւթի աղբիւր՝ HorizonWeekly