image

Հրադադարի Յայտարարութիւնէն Ի Վեր Դամասկոսի Մէջ Իրավիճակը Խաղաղ Եւ Կայուն Է. Սարգիս Գասարճեան

Հրադադարի Յայտարարութիւնէն Ի Վեր Դամասկոսի Մէջ Իրավիճակը Խաղաղ Եւ Կայուն Է.  Սարգիս Գասարճեան

«Հրադադարի     հաստատումէն     շուրջ  60   ժամ ետք  իրավիճակը  բնականոն հունի մէջ է  բացի    փոքր  խախտումներէ»,-  «Արեւելք»ին  յայտնեց   Դամասկոս    ապրող լրագրող եւ վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեան:  «Դամասկոսի  ամբողջ  շրջանին մէջ իրավիճակը շատ խաղաղ է»,-  ըսաւ ան    յիշեցնելով, թէ «այն ճակատները ուր Տահէշին դէմ գործողութիւններ   կը կատարուին,  կը շարունակեն մնալ բռնկած եւ   այդ առումով   ծանր մարտեր կ'ընթանան  Հալէպ  տանող ցամաքային միայկ ճանապարհին՝ Խանասէր շրջանի մօտակայքը, ուր Տահէշ   ներկայութիւն է»:   Գասարճեան նաեւ կարծիք  յայտնեց, որ «եթէ միջազգային    հարթակին վրայ  իրողապէս քաղաքական որոշում կայ   այս հրադադարը պահպանելու ապա,   ուրեմն   ներկայ խաղաղ   դրութիւնը պիտի պահպանուի մինչեւ,  որ տագնապին    լուծումը   նոր հունի մը մէջ մտնէ»: Ըստ մեր խօսակիցին   Սուրիոյ մէջ  կարեւոր  իրադարձութիւն պիտի  համարուին յառաջիկայ  ապրիլին  կայանալիք  խորհրդարանական  ընտրութիւնները եւ  նոր խորհրդարանը լաւագոյն ամպիոնը պիտի դառնայ   ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ        գործադրութեան դրուելիք    որեւէ  լուծումի կամ  առաջարկի: Գասարճեան այս   առումով ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ  նորընտիր խորհրդարան մը  շատ աւելի ազդու  գործօն պիտի ըլլայ, քան   գործող   խորհրդարանը, որուն պաշտօնավարութիւնը  արդէն աւարտած է»:   Մեր խօսակիցը  նաեւ նկատել տուաւ, թէ   խորհրդարանի ընտրութիւններու կայացումով  իշխանութիւնները  իրենց ձեռքին կարեւոր  քաղաքական խաղաքարտ մը պիտի ունենան: