image
Հրատապ լուրեր:

Հիւսիսային Իրաքի PKK-ի կեդրոնները թրքական օդուժի թիրախ դարձած են

Հիւսիսային Իրաքի PKK-ի կեդրոնները թրքական օդուժի թիրախ դարձած են

Թրքական օդուժը,  27 նոյեմբերին, Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող PKK-ի կեդրոններու ուղղութեամբ գործողութիւններ սկսած է: Այս մասին կը գրէ թրքական «Haberler» լրատուական կայքը, նշելով, որ Թուրքիոյ ԶՈՒ-ի կողմէ եղած յայտարարութեամբ մը կը տեղեկացուի, որ հրթիռակոծուած են մասնաւորապէս Հիւսիսային Իրաքի Աւաշին-Պասիան շրջանները, ինչպէս նաեւ PKK-ի գլխաւոր ռազմատեղի հանդիսացող Քանտիլը: Գործողութեան ժամանակ ոչնչացուած է 12 թիրախ:

Թրքական աղբիւրը տեղեկութիւն չի հաղորդեր օգտագործուած ռազմական կործանիչներու  տեսակի մասին: