image

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական գիր յղեց Սուրիոյ նախագահին

ՀՀ  Նախագահ Սերժ  Սարգսեան  ցաւակցական գիր յղեց Սուրիոյ  նախագահին

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան 24 Մայիսին ցաւակցական հեռագիր յղած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին` Թարթուսի, Լաթաքիոյ եւ Սուրիոյ այլ բնակավայրերու մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական գործողութիւններու առնչութեամբ, որոնց հետեւանքով զոհուած եւ վիրաւորուած են բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներ: Այս  մասին կը  տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն: Հեռագիրին մէջ նշուած է. «Սուրիոյ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ այս զարհուրելի յանցագործութիւնները որեւէ արդարացում չունին: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով եւ կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան` հաւաքական ուժերով շարունակելու պայքարը այս չարիքին դէմ: Կը յայտնեմ իմ անկեղծ վշտակցութիւնս ձեզի, Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով ոգիի արիութիւն եւ տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում»։