Հայաստանը եւ Լիբանանը Ռազմական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր կնքած են: Փաստաթուղթը ստորագրած են աշխատանքային այցով Լիբանան գտնուող ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Եաքուպ Սարրաֆը:
Երկու պետութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները աշխատանքային հանդիպման ընթացքին քննարկած են գործակցութեան համատեղ ծրագրեր, տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցեր, կը յայտնէ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը ծաղկեպսակ դրած է Լիբանանի նահատակուած զինուորներու յուշարձանին։
Լիբանանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած է Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայկական դասակի տեղակայման վայր։
1 Նոյեմբերին Պէյրութի օդակայանին մէջ Դաւիթ Տօնոյեանին դիմաւորած է Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Եաքուպ Սարրաֆը, ուր երկու բարեկամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները կարճ քննարկում ունեցած են։
Դեռ մարտին ՀՀ ԱԳՆ-ն յայտարարած էր, որ Հայաստանը պատրաստ է ընդլայնել Լիբանանի հետ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութիւնը՝ հիմնուած արդէն իսկ սեղանի վրայ գտնուող յստակ առաջարկներու, ինչպէս նաեւ նոր գաղափարներու հիման վրայ: