Թուրքիոյ մէջ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) պատգամաւոր Լէիլա Զանային:
Թրքական իշխանամէտ «Sabah» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, որ Զանայի դէմ Տիարպէքիրի հանրապետական դատախազութիւնը «զինուած ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու» մեղադրանքով հետաքննութիւն սկսած է:
Դատախազութիւնը Զանային ծանուցում ուղարկած է ներկայանալու գործի առնչութեամբ ցուցմունք տալու համար: Քանի որ պատգամաւորը չէր ներկայացած դատախազութիւն, անոր բերման ենթարկելու որոշում կայացուած է: