image

HDP-ի կին պատգամաւոր մը եւս ձերբակալուած

HDP-ի կին պատգամաւոր մը եւս ձերբակալուած

Թուրքիոյ մէջ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) պատգամաւոր Լէիլա Զանային:

Թրքական իշխանամէտ «Sabah» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, որ Զանայի դէմ Տիարպէքիրի հանրապետական դատախազութիւնը  «զինուած ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու» մեղադրանքով հետաքննութիւն սկսած է:

Դատախազութիւնը Զանային ծանուցում ուղարկած է ներկայանալու գործի առնչութեամբ ցուցմունք տալու համար: Քանի որ պատգամաւորը չէր ներկայացած դատախազութիւն, անոր բերման ենթարկելու որոշում կայացուած է: