image

Հայութեան համար տխուր յիղողութիւններու վայր եղող «Հայտարփաշա»ն կրնայ վարձու տրուիլ

Հայութեան համար  տխուր  յիղողութիւններու   վայր եղող  «Հայտարփաշա»ն կրնայ վարձու տրուիլ

Թրքական մէկէ  աւելի աղբիւրներ  կը գրեն, որ  Թուրքիոյ  կառավարութիւնը մտադիր է վարձակալութեան հանել  «Հայտարփաշա» կայարաննն ու անոր շուրջ եղող ընդհանուր տարածքը:  Այս մասին տեղեկութիւնները բաւական մեծ աղմուկ բարձրացուցած են երկրին մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ Պոլսոյ  Գատըգէօյ շրջանի (որուն  քաղաքապետութեան սահմաններու  մէջ կը գտնուի    «Հայտարպաշա» զբօսաշրջային    եւ պատմական արժէք ներկացող  կայարանը) քաղաքապետ՝  Այքուրթ Նուհօղլու ծանր  քննադատութիւններ ուղղած է  կայարանը  վարձակալութեան հանելու մասին շշուկներ հնչեցողները: Ըստ Թուրքիոյ կառավարական բանբերի մը,  պետութիւնը  մտադիր   այդ հատուածը , զբօսաշրջային նպատակներով սեփականացնել  եւ ապա   վարձու տալ:  Յիշեցնենք, որ հայութեան համար    եւս    սեւ յիշողութիւններու  խորհրդանիշ կը համարուի  տխրահռչակ «Հայտափաշա»ն, ուրկէ  հայ ժողովուրդի ամէնէն ակնառու մտաւորական դէմքերը     1915  թուականի ապրիլեան  օրերուն     տարուած  էին դէպի  աքսորի ու մահուան   ճանապարհներ: