image

Հայկական սահմանին երէկ նահատակուած զինուորը 20 օրէն տուն պիտի վերադառնար (Լուսանկար)

Հայկական սահմանին երէկ նահատակուած զինուորը 20 օրէն տուն պիտի վերադառնար (Լուսանկար)

Այսօր՝ 13 յունիսին, Արցախի մէջ հակառակորդի կրակոցէն զոհուած զինծառայող Արտիոմ Խաչատրեանը Վայոց ձորի մարզի Մալիշկա համայնքէն էր, 20 օրէն պիտի զօրացրուէր: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած են Վայոց ձորի մարզի զինուորական կոմիսարիատէն։

Մալիշկայի համայնքապետ Գարիկ Նազարեանն ալ ըսած է, որ մահացած զինծառայողը ունի աւագ եղբայր եւ քոյր:

Յիշեցնենք, որ 13 յունիսին, ժամը 17:05-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու վիրաւորում ստացած է զինծառայող, 1999-ի ծնունդ Արտիոմ Վազգէնի Խաչատրեանը:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: