image
Հրատապ լուրեր:

Հայազգի Ֆութպոլիսթ Արազ Օզպիլիսի Տեղափոխուած Է Պեշիքթաշ

Հայազգի Ֆութպոլիսթ Արազ Օզպիլիսի Տեղափոխուած Է Պեշիքթաշ

Արազ Օզպիլիսի իր Ֆութպոլիսթի ասպարէզը պիտի շարունակէ Թուրքիոյ մէջ, ինչը շատերու համար կը դիտուի որպէս մեծ առիթ, թուրք եւ հայ ժողովուրդներու բարեկամական կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ: Սակայն, միւս կողմէ սոցցանցերու մէջ Օզպիլիսի դէմ բուռն աղմուկ կը բարձրանայ:

 

Նշենք, որ Օզպիլիսը ծնած է Պոլսոյ Պաքըրքոյ շրջանին մէջ: Բացի այդ, Թուրքիոյ մէջ ֆութպոլի առաջին ներկայացուցիչները միշտ եղած են ոչ իսլամները: Օրինակ. թրքական ֆութպոլի կարեւոր անուններէն մէկն էր՝ ծագումով յույն Լեֆթըր Քուչուքանտոնյատիսը:

Թուրքիոյ ամենամեծ ակումբներէն մէկը համարուող Պեշիքթաշը Արազ Օզպիլիսին իր շարքերէն ներս ընդունելով, կը ցուցաբերէ եղբայրական կամքը: