«Սուրիոյ պատերազմը պատճառ դարձաւ ընկերային ցանցերու մէջ եւ յատկապէս դիմատետրի վրայ սուրիահայերու խումբեր յառաջանան»,- «Արեւելք»ին ըսաւ «Armenians Of Aleppo» խումբի պատասխանատուներէն բժիշկ Ռոպէր Սիւլահեան: Ան նաեւ նշեց, որ պատերազմի սկիզբէն անմիջապէս ետք, կարգ մը սուրիահայեր ներգրաւող խումբեր ստեղծուեցան, բայց եւ այնպէս իրենց խումբը եղաւ ամէնէն շատ տարածուող հարթակներէն մէկը: Սիւլահեան նաեւ ըսաւ, որ այսօր իրենց խումբը ամենօրեայ դրութեամբ կը թարմացուի, ուր կը տեղադրուին Սուրիոյ հետ կապուած տարբեր լուրեր, տեղեկութիւններ, տեսանիւթեր, վերլուծողական նիւթեր, եւ այսօրուայ դրութեամբ իրենց խումբին մաս կը կազմեն շուրջ 12500 անդամներ: Անոր կարծիքով, եթէ Սուրիոյ մէջ պատերազմ չըլլար, ապա համացանցի վրայ այսպիսի խումբեր այսքան մեծ աճ պիտի չունենային: «Մեզի համար գլխաւոր նպատակը եւ մտահոգութիւնը հալէպահայերու իսկական հանդիպման վայր մը ստեղծելն էր»,- նշեց Ռոպէր Սիւլահեան, յիշեցնելով, որ իրենց խումբին մէջ կարծիքներու սահմանափակում, կամ կարծիքներու այլազանութեան մէջ արգելքներ չկան, պայմանաւ, որ հրապարակուած կարծիքները եւ տեսակէտները յարգեն խումբի անդամներուն կարծիքի ազատութիւնը, տեսակէտները եւ պահպանեն յարգանքի ընդհանուր մթնոլորտը: Սիւլահեան նաեւ յիշեց, որ 2 տարիներ առաջ Երեւանի մէջ գլխաւորաբար երկու սուրիահայերու դիմատետրեան խումբերու՝ «Armenians Of Aleppo» եւ «Aleppo Armenians» խումբերու առաջարկով տեղի ունեցաւ համախմբում ժողով մը, հովանաւորութեամբ՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան: Ան նաեւ նշեց, որ այդ ժողովի ընթացքին առաջին անգամն էր, որ հրապարակաւ քննարկուեցան սուրիահայերու հիմնախնդիրները, եղան առաջարկներ, տարբեր անհատներ ներկայացուցին մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ իրենց դիմագրաւած հարցերը եւ այդ առիթով տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում եւ ընդհանուր քննարկում: Սիւլահեան նշեց, որ այդ ժողովէն բխեցաւ մամլոյ մարմին մը, որուն պարտականութիւնը եղաւ շաբաթեայ դրութեամբ ընդհանուր վերաքաղ մը ընել կատարուած լրատուութիւններու վերաբերեալ, անշուշտ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային զարգացումներուն հետ կապուած, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու եւ Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերու խնդիրներուն լոյս սփռելու առընթեր:
Ան նշեց, որ դիմատետրի աշխարհին մէջ գործող սուրիահայերու խումբերը, Virtual խումբեր են եւ անոնք կարողութիւնը չունին գործնական աշխատանքներ կատարելու, ինչպէս կ'ընեն Սուրիոյ մէջ գործող եւ Սուրիայէն դուրս՝ սփիւռքի տարբեր գաղութներու եւ Հայաստանի մէջ գործող այն մարմինները, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են սուրիահայութեան խնդիրներուն: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ իրենց նպատակն է լոյս սփռել տեղի ունեցող ընդհանուր գոծունէութիւններուն, սուրիահայութեան համար եղած օժանդակութիւններուն եւ գաղութին լուրերը անընդհատ հանրութեան ներկայացնելն ու լուսաբանելը:
Խօսելով իրենց ղեկավարած դիմատետրեան խումբին մասին, Ռոպէր Սիւլահեան նշեց, որ այդ խումբին մաս կը կազմեն անդամներ ոչ միայն Հալէպէն կամ Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն, այլ աշխարհի ամբողջ կողմերէն: Ան ըսաւ, որ խումբին անդամ են մեծ թիւով Հայաստանի քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ նախկին հալէպահայեր, որոնք կ'ապրին ԱՄՆ, Աւստրալիա, Գանատա, Եւրոպա եւ յիշեցուց, որ այս խումբին մաս կը կազմեն, անդամներ նոյնիսկ հեռաւոր Չինաստանէն եւ այլ երկիրներէ: Խօսելով խումբի քաղաքական կողմնորոշման մասին, Սիւլահեան շեշտեց , որ իրենց խումբը իր հիմնումէն ի վեր միշտ եղած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ պետութեան կողքին, նշելով նաեւ, որ իրենք հակակրանք չունին որեւէ կուսակցական, գաղափարական, մշակութային կամ այլ մարմիններու հանդէպ: Ռոպէր Սիւլահեանի խօսքով, իրենց խումբը ստեղծուած է դառնալու համար կարծիքներու փոխանակման իսկական հարթակ մը, ուր թեր եւ դէմ կարծիքները պիտի յանգեցնեն աւելի առողջ քննարկումի մը, յանուն հալէպահայութեան եւ սուրիահայութեան ընդհանուր շահերուն: Ներկայիս Պէյրութ ապրող հալէպահայ բժիշկը ըսաւ, որ իրենց համար Սուրիոյ մէջ արդէն հինգ տարիէ ի վեր ընթացող պատերազմը խաւարամիտներու կողմէ Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմ մըն է, որուն կը մասնակցին տարբեր շրջանային ուժեր եւ իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր շահէն մեկնելով միջամտել, նոյնիսկ ունենալ ծանր եւ Սուրիոյ բնակչութեան դէմ եղող անընդունելի արարքներ: Սիւլահեան խօսեցաւ հայրենի մամուլին Սուրիոյ դէպքերուն մասին ունեցած ընդհանուր անդրադարձին մասին նկատել տալով , որ Հայաստանի ԶԼՄ-ներու մեծ մասը շատ յաճախ Սուրիոյ վերաբերեալ լուրերը կը ստանայ սխալ աղբիւրներէ եւ առանց իմանալու, ապատեղեկատուութիւն կատարելով, առաւել եւս կը վնասէ սուրիահայ գաղութին անվտանգութեան: Ան այս առումով նշեց, որ Հայաստանի լրատուական ծառայութիւնները պէտք է միշտ ստուգեն իրենց ունեցած տեղեկութիւնները, նախքան անոնց հրապարակումը, որպէսզի յաջողին անաչառ եւ լիարժէք կերպով լրատուութիւն հաղորդել Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան մասին: Սիւլահեան, որ վերջերս կը գտնուէր Հալէպ, «Արեւելք»ին իր ապրած փորձառութեան մասին խօսելով, ընդհանուր վիճակը նկատեց շատ ծանր եւ բարդ: Ան նաեւ ըսաւ, որ հակառակ անոր, որ հայկական շրջանները Հալէպի միւս շրջաններուն նման համատարած քանդման չեն ենթարկուած, սակայն հալէպահայը նոյնպէս կը գտնուի շատ դժուարին պայմաններու մէջ: Ան այս խնդիրը վերագրեց այն ճշմարտութեան, թէ հալէպահայը ինչպէս Սուրիոյ քիւրտ, ալեւի, արաբ, իսլամ եւ տարբեր դաւանանքներու եւ համայնքներու անդամ-քաղաքացիները, նոյնպէս կ'ապրի ծանր օրեր, տրուած ըլլալով, որ քաղաքին մէջ տնտեսական, ընկերային, մշակութային, առողջապահական եւ տարբեր ոլորտներու մէջ երեւելի է լուրջ, մտահոգիչ եւ տագնապալի իրավիճակ մը: Սիւլահեան յոյս յայտնեց, որ Սուրիան, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունի, յաղթական դուրս պիտի գայ այս տագնապէն եւ անոր աշխարհով մէկ սփռուած զաւակները պիտի վերադառնան ու շէնցնեն երբեմնի Միջին Արեւելքի ամէնէն բանուկ եւ ամէնէն լուսաւոր երկիրներէն մէկը: