image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի նախագահը հարցազրոյց մը տուաւ «Ալ Մայատին» կայանին

Հայաստանի նախագահը հարցազրոյց մը  տուաւ «Ալ Մայատին» կայանին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ  Սերժ Սարգսեան Al Maydeen.net կայանին  պատկերասփռուած հարցազրոյց մը   տալով    ըսած է, թէ հայոց Ցեղասպանութիւնը  Թուրքիոյ քաղաքացիներու կողմէ  չկատարուեցաւ  եւ այդ առումով  մենք  չենք մեղադրեր Թուրքիոյ քաղաքացիները: Նախագահը նաեւ դիտել տուած է, թէ հայերու  հանդէպ գործուած  ցեղասպանութիւնը կատարուած է  Օսմանեան կայսրութեան կառավարման մարմիններուն  կողմէ, որոնք գործի լծեցին  իրենց բոլոր ապահովական լծակները եւ  գործեցին այդ  ջարդերը:  ՀՀ նախագահը, որ  առաջին անգամ ըլլալով խօսած է   «Ալ Մայատին»  կայանի  տնօրէն,    յայտնի լրագրող Ղասսան Պըն Ժատոյին,  նաեւ  անդրադարձած է ղարաբաղեան հիմնախնդրին, ըսելով, որ Հայաստանի եւ հայութեան համար  կարեւորագոյն կէտը  Ղարաբաղի անկախութեան եւ  անոր՝ Ազրպէյճանի   կազմէն   դուրս  ըլլալու   փաստն է, բան մը, որ   այսօր իրականութիւն դարձած է մեծ զոհողութիւններու  գնով:  Նախագահը նաեւ  խօսած է Հայաստան- Իրան  յարաբերութիւններուն մասին,  նկատել տալով, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի,  փոխըմբռնման  եւ խաղաղ  ապրելու հիմունքներու  վրայ:  Աւարտին նախագահ Սարգսեան   անդրադարձ մը կատարած  է Սուրիոյ մէջ ընթացող  պատերազմին վրայ նկատել տալով,  որ Հայաստան   եւս  տուժեց այդ պատերազմին հետեւանքներէն  ու  հաւաստելով որ,    Սուրիան պատուհասող ահաբեկչութիւնը վտանգաւոր է ոչ միայն այդ բարեկամ երկրին, այլ    ամբողջ   տարածքաշրջանին համար: Ըստ նախագահ Սարգսեանի, Հայաստանը, որպէս երկիր, պատրաստ է գործակցիլ   Սուրիոյ   մէջ եղող  որեւէ  օրինական  իշխանութեան  հետ: