Հայաստանի ողջ տարածքին արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ արգիլուեցաւ առեւտուրի կեդրոններու (բացառութեամբ սնունդի), գիշերային ակումբներու, պարահրապարակներու, խաղատուներու, պուքմեյքըրներու, շարժանկարի թատրոններու գործունեութիւնը:
Այս մասին նշուած է Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ պարէտ Տիգրան Աւինեանի նոր որոշման մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին գործունէութեան այդ տեսակները կ'արգիլուին մինչեւ 14 ապրիլ:
ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանը, ՀՀ ոստիկանութեան պետ Արման Սարգսեանը, ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Անանեանը պէտք է ապահովեն սահմանուած միջոցառումներու իրականացումը: Որոշումն ուժի մէջ կը մտնէ 22 մարտ 2020-ին՝ ժամը 00:01-էն:
Որոշման յաւելուածով կը սահմանուին գործունէութեան հետեւեալ տեսակները՝