image

Հայաստանի մէջ արգիլուեցաւ առեւտուրի կեդրոններու, գիշերային ակումբներու, խաղատուներու գործունէութիւնը

Հայաստանի մէջ արգիլուեցաւ առեւտուրի կեդրոններու, գիշերային ակումբներու, խաղատուներու գործունէութիւնը

Հայաստանի ողջ տարածքին արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ արգիլուեցաւ առեւտուրի կեդրոններու (բացառութեամբ սնունդի), գիշերային ակումբներու, պարահրապարակներու, խաղատուներու, պուքմեյքըրներու, շարժանկարի թատրոններու գործունեութիւնը:

Այս մասին նշուած է Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ պարէտ Տիգրան Աւինեանի նոր որոշման մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին գործունէութեան այդ տեսակները կ'արգիլուին մինչեւ 14 ապրիլ:

ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանը, ՀՀ ոստիկանութեան պետ Արման Սարգսեանը, ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Անանեանը պէտք է ապահովեն սահմանուած միջոցառումներու իրականացումը: Որոշումն ուժի մէջ կը մտնէ 22 մարտ 2020-ին՝ ժամը 00:01-էն:

Որոշման յաւելուածով կը սահմանուին գործունէութեան հետեւեալ տեսակները՝

  1. Առեւտուրի կեդրոն՝ բացառութեամբ սնունդի, խմիչքներու, ոգելից խմիչքներու, ծխախոտային արտադրութեան ապրանքներու մանրածախ առեւտուրի գործունէութիւն
  2. Պարերու, գիշերային ակումբներու, պարահրապարակներու գործունէութիւն
  3. Շարժանկարի ֆիլմերու ցուցադրում
  4. Խաղատուներ
  5. Պուքմեյքըրական եւ խաղագումարով գրազի կազմակերպման գործունէութեան սպասարկման գրասենեակներ: