image

Հայաստանի Կառավարութեան նոր ծրագիրը ընդունուեցաւ

Հայաստանի Կառավարութեան նոր ծրագիրը ընդունուեցաւ

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւնը իր մարտահրաւէրը կը նկատէ բարեփոխումներու իրագործումը՝ «ապահովելով քաղաքացու պաշտպանուածութիւնը, կենսամակարդակի բարձրացումը, լաւատեսութիւնն ապագայի նկատմամբ»:

Վարչապետը շեշտած է, որ աւելի ուշ պիտի բացատրէ, թէ ի՛նչ ըրած են եւ ի՛նչ չեն ըրած.  «Մենք ձեւակերպել ենք, իմ կարծիքով, բաւականին հետաքրքիր ծանրաձող, որը բարձրացնելու համար պէտք է կոնցենտրացնենք մեր ամբողջ ներուժը: Բոլորին առաջադրանք՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել ծրագրի իրականացմանը: Հաշուետուութիւն ենք տալու»:

Կառավարութիւնը իր ծրագիրին մէջ իր ռազմավարական խնդիրը կը յայտարարէ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի անվտանգութեան ապահովումը, պետական կառավարման համակարգի արդիականացումը, ժողովրդավարական կառոյցներու զարգացումը, ընտրական համակարգի նկատմամբ վստահութեան բարձրացումը, փտածութեան եւ ստուերի դէմ համակարգուած պայքարի ուժեղացումը, աղքատութեան դէմ պայքարը, անգործութեան նուազեցումը:

Նոր ծրագիրին մէջ նպաստներու, կենսաթոշակներու ու նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացման մասին դրոյթ չկայ: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան ըսած է, որ պատճառն այն է, որ ծրագիրը կը վերաբերի յառաջիկայ վեց ամիսներուն. «Ծրագիրը վերաբերում է մինչեւ 2017 թուականի ապրիլեան ընտրութիւններին, այսինքն՝ վեցամսեայ ժամանակահատուածի համար: Իսկ դուք գիտէք, որ բիւջէի նախագիծը արդէն ներկայացուել է Ազգային ժողովի քննարկմանը, եւ այդ մասով լրացուցիչ միջոցներ նախատեսուած չեն, հետեւաբար՝ այդպիսի դրոյթ ներառուած չէ»:

Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ, ըստ ծրագիրին, գործունէութեան հիմք կը դրուի ազգ-բանակ գաղափարը եւ «հասանելի ռեսուրսներով՝ առաւելագոյն արդիւնք» սկզբունքը: Քայլեր պիտի առնուին զինուած ուժերուն մէջ քաղաքացիական վերահսկողութեան եւ հանրային հաշուետուողականութեան ապահովման համար, ռազմարդիւնաբերական ոլորտին մէջ ներդրումներու խթանման, ներդրումային գրաւչութեան բարձ-րացման ուղղութեամբ:

Նոր ծրագիրը ընդհանուր առմամբ ունի գործարարական շեշտադրումներ:

Արտաքին քաղաքական հիմնական հարցերն են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը, Ռուսիոյ հետ դաշնակցային փոխգործակցութեան եւ ռազմավարական յարաբերութիւններու առաւել խորացումն ու ընդլայնումը, Միացեալ Նահանգներու հետ բարեկամական գործընկերութեան ամրապնդումը, ԵՏՄի շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը:

Սփիւռքի նախարարութեան յառաջիկայ աշխատանքները եւս առանձնացուած են։ «Շեշտադրումը աւելի տնտեսական է լինելու, տնտեսական բարեփոխումներ են, իսկ ամենագլխաւորը՝ մեր նախարարութիւնում պէտք է ստեղծուի մարմին, որը «Մէկ պատուհան»ի սկզբունքով պէտք է կարողանայ օգնել՝ խորհրդատուութեամբ, իրաւական առումով, ծրագրերին օգնելով, որպէսզի բիզնես-ծրագրերը այստեղ սփիւռքահայերի կողմից իրականանան», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է նախարար Հրանուշ Յակոբեան: