ԱՄՆ քոնկրէսական, Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնաժողովի անդամ Ճեքի Շփայըրը, ելոյթ ունենալով Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս, յայտարարած է, որ 2020-ի ելեւմտական տարուան մասին օրէնքին մէջ եղած փոփոխութիւններու համաձայն ԱՄՆ-ի կողմէ Հայաստանին ժողովրդավարական բարեփոխումներու համար յատկացուող օգնութիւնը աւելցած է 40 միլիոն տոլարով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի հայ դատի հանձնախումբը:
«Անցեալ տարի Հայաստանը տպաւորիչ անցում կատարած է դէպի կայուն ժողովրդավարութիւն: Հայաստանի «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» կը ստիպէ ինծի ժպտալ ամէն անգամ, երբ կը մտածեմ անոր մասին: Յեղափոխութեան ամենակարեւոր հանգամանքն այն էր, որ այդ ամէնը տեղի ունեցաւ առանց մէկ կաթիլ արիւն թափելու, եւ մենք պէտք է ընենք ամէն հնարաւորը անոնց աջակցելու համար:
Անցեալ տարի Հայաստանը ժողովրդավարական ընտրութիւններ իրականացուց, որու արդիւնքով իշխանութեան եկաւ Նիկոլ Փաշինեանը: Վերջերս անոր կառավարութիւնը համաձայնագիր ստորագրած է ԱՄՆ-ի հետ, որով գումար պիտի յատկացուի՝ աջակցելու Հայաստանի մէջ տնտեսական աճին եւ դատական համակարգի կառավարութեան բարելաւման», - ըսած է Շփայըրը՝ ընդգծելով, որ ժողովրդավարական բարեփոխումներու համար մէկ տարուան մէջ յատկացուող նիւթական օգնութեան ծաւալը պիտի մեծանայ 40 միլիոն տոլարով: