image

Հայաստանի ԱԳ-ն արձագանգեց Հոլանտայի որոշումին

Հայաստանի ԱԳ-ն արձագանգեց Հոլանտայի որոշումին

Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու պալատը 11 Յունիսին գրեթէ միաձայն բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ նախագահին կողմէ այս տարուան Ապրիլ 24ի իր յատարարութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը «պատերազմի զոհեր» որակելու արարքը, նոյն ժամանակ պարտաւորեցնելով Հոլանտայի կառավարութիւնը, որ այդ դիրքորոշման մասին տեղեկացնէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները։


ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը արձագանցած է բանաձեւի ընդունման` ֆէյսպուքեան էջին կատարած գրառմամբ շեշտելով Հոլանտան եւ անոր խորհրդարանի անդամներու  սկզբունքային դիրքորոշումը:

«Մենք ողջունում ենք միջազգային արձագանցը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ` Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի ժխտողական կարծիքի դէմ: Այս որոշմամբ Հոլանտան եւ անոր խորհրդարանի անդամները եւս մէկ անգամ ցուցադրեցին իրենց սկզբունքային դիրքորոշումը` մարդու իրաւունքների եւ Ցեղասպանութեան կանխարգելման վերաբերեալ»,- գրուած է յայտարարութեան մէջ:

Խորհրդարանի բանաձեւը կը դիմէ կառավարութեան մերժել Էրտողանի խօսքերը եւ այդ տեսակէտը փոխանցել Թուրքիոյ կառավարութեան։ Այդ բանաձեւին կողմ քուէարկած են խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները բացի երեք հոգիէ բաղկացած Տենք խմբակցութենէն։