Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ՝ պսակաձեւ ժահրի վարակակիրներու ընդհանուր թիւը հասաւ 20-ի։
Այս մասին յայտարարեց ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։
Նախարարը նաեւ նշեց, որ վարակի կանխատեսման ծիրէն ներս յանձնուած քննութիւններու արդիւնքով 14 անձերէն երկուքին մօտ երեւացած է դրական արդիւնք, այդպիսով 20-ի բարձրացնելով Հայաստանի տարածքին գտնուող վարակակիրներու ընդհանուր թիւը։
Նախարարը նաեւ ըսաւ, թէ վաղը պարզ պիտի դառնայ, վարակակիրի մը հիւանդութենէն վերջնականապէս բուժման մասին տեղեկանքը։