Այսօր սկիզբ առնելիք «Հայերը, քիւրտերը եւ թուրքերը`ցաւոտ անցեալի խաղաղ լուծման ընդմէջէն» համաժողովէն առաջ այս առիթով Լոնտոն ժամանած մասնակիցները այցելած են Լոնտոնի Հայ Առաքելական եկեղեցի եւ ընդունուած Մեծն Բրիտանիոյ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեանին կողմէ: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Լոնտոնի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Պիթլիսի (հայկական անուանումը՝ Բաղէշ) եւ Մութքիի փոխքաղաքապետներ՝ Հիւսէյն Օլան (Պիթլիս) եւ Օզճան Պիրլիք (Մութքի) այցելած են Լոնտոնի Քէնսինկթընի Սուրբ Սարգիս առանորդանիստ եկեղեցի եւ ընդունուած Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ առաջնորդ՝ Տ. Յովակիմ եպս. Մանուկեանին կողմէ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են եղւոյն հայ եւ քիւրտ համայնքներու փոխյարաբերութիւնները եւ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ այսօր տիրող ընդհանուր իրավիճակը: Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ «Կոմիտաս Հիմնարկ»ի տնօրէն Դոկտ. Արա Սարաֆեան, Հէրինկէյի քաղաքապետ Ալի Ապտուլլահ Իւզպէք եւ այլ պաշտօնատարներ:
Նշենք, որ Օլան եւ Պիրլիք երկար տարիներու վաստակ ունին հայ-քրտական յարաբերութիւններու մշակման գործին մէջ եւ քաջատեղեակ են հայոց խնդիրներուն մասին: Տարիներու ընթացքին անոնք իրենց քաղաքներուն մէջ ընդունած են հայ հիւրեր եւ աջակցած են Օսմանեան շրջանի հայերու մասին ցուցահանդէսներ եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ համաժողովներ կազմակերպելու գործին: Քիւրտ պաշտօնատարներու եւ Լոնտոնի «Կոմիտաս հիմնարկ»ի ճիգերով Պիթլիսի մէջ փողոց մը վերանուանուած է Ուիլիամ Սարոյեանի անունով:
Լոնտոնի ազգային առաջնորդարան կատարած իրենց այցելութեան աւարտին համանախագահները պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած են, ուր կոչ կ'ընեն հայերուն՝ վերակենդանացնել կապը իրենց նախնիներու հողերուն հետ, այդ շարքին նաեւ՝ Պիթլիսի եւ Մութիքի հետ:
Նշենք, որ այսօր սկիզբ առնող Հայ-քրտական ժողովի կազմակերպման հիմնական աշխատանքները իրականացուցած է բրիտանահայ պատմաբան եւ «Կոմիտաս հիմնարկ»ի տնօրէն Դոկտ. Արա Սարաֆեանի եւ Լոնտոնի մէջ գործող «Քրտական զարգացման կեդրոն»ի համատեղ ջանքերով: