ՀՀ հանրային խորհուրդը կոչ ուղղած է կառավարութեան, որ զերծ մնայ Իսթանպուլի քոնվէնցիայի (պայմանադրութեան) վաւերացումէն:
Հանրային խորհուրդի ղեկավար Վազգէն Մանուկեան նշած է, որ 2017 թուականին Հայաստանը ընդունած է ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման մասին դրոյթներ, եւ այդ իսկ պատճառով, աննպատակայարմար է ընդունիլ քոնվէնցիա, որ կը պարունակէ կասկածելի դրոյթներ:
«Կարելի չէ որեւէ միջազգային փաստաթուղ ստորագրել՝ ժողովրդավար թուալու համար: Պատահած են դէպքեր, երբ փաստաթուղթերու ստորագրութիւնը պայմանաւորուած եղած է դրամաշնորհներով կամ այլ գործօններով: Սակայն պէտք է նկատի առնել հասարակական շահը»:
Ինչպէս նաեւ խորհուրդի անդամ Յովհաննէս Յովհաննիսեանը աւելցուցած է թէ թոյլատրելի չէ ընդունիլ քոնվէնցիա մը , որ վտանգի հաւանականութիւն կը պարունակէ եւ անհրաժեշտ է յաւելեալ քննարկումներ կատարել: