image

Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի դարպասները աւելի երկար բաց պիտի մնան այցելուներու համար

Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի դարպասները աւելի երկար բաց պիտի մնան այցելուներու համար

ՀՀ նախագահի նստավայրի դարպասները աւելի երկար բաց կը մնան այցելուներու համար: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

1 Մայիսէն փոփոխուած են Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի վարչական շէնքի յարակից տարածք քաղաքացիներու մուտքի ու այնտեղէն ելքի ժամերը:

Այսուհետեւ, նախագահի նստավայրի դարպասները հանրութեան համար աշխատանքային, ինչպէս նաեւ Շաբաթ օրերուն բաց կ՝ըլլան ժամը 18:00-22:00–ն, իսկ Կիրակի օրերուն՝ ժամը 12:00-22:00: Այդ ընթացքին այցելուները կրնան ազատօրէն մուտք գործել նստավայրի վարչական շէնքի բացօթեայ տարածք եւ յարակից այգի:

Պատուոյ պահակախումբի հերթափոխութիւնը, որ կ՝ուղեկցուի հանդիսաւոր արարողութեամբ, կը մնայ անփոփոխ եւ տեղի կ’ունենայ Շաբաթ օրերուն ժամը 18:00-ին, 19:00-ին եւ 20:00-ին, իսկ Կիրակի օրերուն՝ ժամը 12:00-ին, 13:00-ին եւ 14:00-ին: