image

Հանգիստ Հայր Գէորգ Ծ. Վարդապետ Եղիայեանի

Հանգիստ  Հայր Գէորգ Ծ. Վարդապետ Եղիայեանի

Լիբանանի մէջ վախճանած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախկին տնօրէն Հայր Գէորգ Ծ. Վարդապետ Եղիայեանը: Այս մասին կը գոյժէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրինութիւնը:

Մահը պատահած էր Աւագ հինգշաբթի օր՝ 18 Ապրիլ, 2019-ին:

Վախճանեալ վարդապետին յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի յընթացս Հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին,  Երեքշաբթի 23 Ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ: Ապա հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Զմմառու միաբանական դամբարանին մէջ: 

 
Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին յուղարկաւորութենէն ետք եւ կը շարունակուին նոյն օրը կէսօրէ ետք՝ ժամը 16:00-էն 19:00: Ապա Չորեքշաբթի 24 Ապրիլին, ժամը 10:00-էն մինչեւ 13:00 եւ կէսօրէ ետք 14:00-էն 16:00, նոյն վայրին մէջ: