image

Համշէնցիները բողոքի ցոյց ըրած են Թուրքիոյ իշխանութեան ճնշումներուն դէմ

Համշէնցիները բողոքի ցոյց ըրած են Թուրքիոյ իշխանութեան ճնշումներուն դէմ

Թուրքիոյ Արտուին նահանգի Խոպա քաղաքի մէջ, ուր կը բնակին համշէնցի հայեր, բողոքի երթ կազմակերպուած է երկրի մէջ ազատ մամուլի հանդէպ իրականացուած ճնշումներու եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու ձերբակալութեան դէմ: Այս մասին կը գրէ «Ճումհուրիյէթ» թերթը: 
«Tert.am»-ի համաձայն, Համշէնցիները Խոպայի մէջ ցոյցի ժամանակ վանկարկած են. «Թոյլ չենք տար, որ խաւարը ներս մտնէ»: Ոստիկանութիւնը փորձած է խոչընդոտել խաղաղ երթը, սակայն աքթիւիստներու ջանքերով բողոքի երթը կայացած է: