image

Հալէպի վրայ տեղացած հրթիռները արձանագրած են 4 զոհ եւ տասնեակ վիրաւորներ

Հալէպի վրայ տեղացած հրթիռները արձանագրած են 4 զոհ եւ տասնեակ վիրաւորներ

Երէկ, 2 դեկտեմբերին, Հալէպի տարբեր թաղամասերուն վրայ տեղացած հրթիռներուն զոհ գացած են 4 քաղաքացիներ եւ վիրաւորուած՝ տասնեակներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Հալէպի բնակելի թաղամասերը պարբերաբար հրթիռակոծման կ'ենթարկուին զանազան ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ, որոնցմէ ամենանշանաւորները «Ալ Նուսրա»ն եւ «Նուր ալ տին ալ զանքի շարժում»ն են, զորս Ուաշինկթըն կ'որակէ որպէս «չափաւոր ընդդիմութիւն», եւ զէնք ու զինամթերք կը տրամադրէ անոնց: