Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս համայնքին մէջ կրթահամալիրի կառուցման եւ հետագայ պահպանման ծրագիրը, որ պիտի իրականացուի Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղին հետ գործակցաբար։
Կրթահամալիրը պիտի ներառէ 700 տեղանոց հանրակրթական դպրոց, 150 տեղանոց նախադպրոցական մասնաշէնք՝ 100 տեղնոց մանկապարտէզով եւ 50 տեղանոց նախակրթարանով, ինչպէս նաեւ երեխաներու համար նախատեսուած 60 տեղանոց համայնքահեն ցերեկային կեդրոն։
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան, կառավարութեան նիստին նախագիծը ներկայացնելով, նշած է, որ «300 դպրոց» ծրագրի շրջանակին մէջ արդէն իսկ արձանագրուած էր Վարդենիսի աւագ դպրոցին եւ թիւ 3 հիմնական դպրոցին համար նոր շէնքեր կառուցելու անհրաժեշտութիւնը։ Երկու հաստատութիւններէն ներկայիս կ'օգտուի շուրջ 700 երեխայ։
Միաժամանակ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը դպրոցներուն հարակից տարածքին մէջ հողամաս մը ձեռք բերած էր՝ 300 տեղանոց դպրոց, 150 տեղանոց նախադպրոցական հաստատութիւն եւ 60 տեղանոց ցերեկային կեդրոն կառուցելու նպատակով։
Քննարկումներու արդիւնքին որոշուած է միաւորել պետական եւ մասնաւոր հատուածներու ջանքերը։ Ընկերակցութիւնը պիտի պահպանէ 300 աշակերտի համար նախատեսուած իր մասնակցութիւնը, իսկ կառավարութիւնը պիտի համաֆինանսաւորէ եւս 400 տեղի ստեղծումը։
Ծրագրի հիմնաւորման համաձայն՝ պետական պիւտճէէն դպրոցական մասնաշէնքի կառուցումը, 400 աշակերտի համար, պիտի համաֆինանսաւորուի առաւելագոյնը 1 միլիառ 670 միլիոն դրամով։
ՀՀ Կրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան յայտնած է, որ 2029-ի Սեպտեմբերին Վարդենիսի մէջ թէ՛ դպրոցականները, թէ՛ նախադպրոցական տարիքի երեխաները պիտի ունենան ամբողջովին կահաւորուած եւ ժամանակակից պայմաններով կրթահամալիր մը յաճախելու հնարաւորութիւն։