image

Հալէպի վիճակը այսօր «Ճերմակ ջարդ»ը կը յիշեցնէ. Արա Կիւմրիւկեան

Հալէպի վիճակը այսօր «Ճերմակ  ջարդ»ը կը յիշեցնէ. Արա Կիւմրիւկեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ Արա Կիւմրիկեանը:


-Այս օրերուն հայկական լրահոսը, հասկնալի պատճառներով, շատ չէ հետաքրքրուած Հալէպով, որովհետեւ պատերազմը դադրած է, բայց գիտենք, որ այսօր կայ տնտեսական պատերազմը: Ձեր կարծիքով որո՞նք են Հալէպի մէջ տնտեսական գլխաւոր դժուարութիւնները եւ անոնց պատճառները:


-Այո, պատերազմը դադրեցաւ, բայց հիմա տնտեսական պատերազմը սկսաւ, քանի որ երբ միջազգային ուժերը, ըլլայ՝ Ամերիկան, Արեւմուտքը, հրեաները, թուրքերը եւ Պարսից Ծոցի երկիրերը պարտութեան մատնուեցան եւ չկրցան նախագահ Պաշշար Ասատը հեռացնելու իրենց երազը իրականացնել, հիմա 8 տարի ետք, տնտեսական պատերազմ սկսան Սուրիոյ դէմ: Ութ տարուան պատերազմը Հիմա ձեւափոխուած է, պատերազմը հիմա վառելանիւթի, ելեկտրականութեան, դեղորայքի եւ այլ հարցերու շուրջ կը զարգանայ: Պատճառը Սուրիոյ դէմ գործադրուող պատժամիջոցներն ու շրջափակումներն են: Եւ դժբախտաբար Եգիպտոսը մեծ դեր կը խաղայ այս բոլորին մէջ: Այս մէկը անշուշտ նորութիւն չէ, Եգիպտոսը եւ շատ մը այլ արաբական երկիրներ միշտ գործակցած են հրեաներուն հետ, բայց հիմա արդէն արաբական երկիրներու մեծամասնութիւնը Հրէաստանի հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունին եւ շատ ակնյայտ կ'ընեն այդ մէկը:

Հիմա երբ Պարսկաստանէն կազ, նաւթ փոխադրող նաւեր Սուրիա կ'ուղարկուին, Եգիպտոսի մէջ՝ Սուէզի ջրանցքի վրայով անցնելու ժամանակ եգիպտացիները կը կ'անխարգիլեն այդ նաւերուն Սուրիա հասնիլը, այդ պատճառով ալ տագնապ կը ստեղծուի:

 

-Հալէպի մէջ բնականոն կեանք մը ապրելու համար ինչքա՞ն գումարի կարիք ունի օրինակ՝ երեք անձերէ բաղկացող ընտանիք մը:


Հալէպի  մէջ նախքան  պատերազմի  սկիզբը  ընտանիքի  մը հայրը կ'աշխատէր եւ ամբողջ ընտանիքը կ'ապրէր, բայց այսօր, եթէ ըտանիքը երեք հոգիէ կը բաղկանայ, երեքն ալ պէտք է աշխատին, որպէսզի տունը պահեն: Կեանքի սղաճը ակներեւ  է,  դժուարութիւնները շատցան, թանկացումներ ամենուրէք, ըլլայ՝ հացի, վառելանիւթի, սնունդի եւայլն:

Եթէ միջին հաշուարկ մը ընենք, երեք հոգինոց ընտանիք մը ամսական նուազագոյն 300 տոլարի կարիք ունի իր ապրուստը տնօրինելիւ համար, այս մէկը բացի բժշկական եւ այլ յարակից ծախսերէ: Ելեկտրականութեան պարագային, քանի որ տակաւին հոսանքը երկար ժամեր կ'անջատուի, մարդիկ այլընտրանքային՝ «ամբեր» կոչուած միջոցին կը դիմեն,  բան մը, որ  ամիսը շուրջ 30-40 տոլարի յաւելեալ ծախս է ընտանիքի մը համար: Ջուրի պարագային, փառք Աստծոյ, հիմա ջուրի տագնապ չունինք։

 

-Արդեօ՞ք  այս  տնտեսական    բարդութիւններուն շարունակութիւնկրնայ  ազդել  հալէպահայ գաղութի գոյատեւման վրայ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը: 


Ես կը կարծեմ, որ եթէ այս պատժամիջոցները երկարին, արտագաղթը բնականաբար աւելի պիտի  աճի: Ինչքանով որ հիմա կը նկատեմ, մենք ամիսը գրեթէ երկու կամ երեք գաղթող ընտանիք ունինք, այս թիւը ահաւոր է մեզի համար:

Մարդիկ ամբողջ պատերազմի ընթացքին դիմանալէ ետք, այսօր ստիպուած կը լքեն երկիրը, այս պատժամիջոցներունառաջացուցած տագնապներուն պատճառով: Այս ալ ուրիշ տեսակ պատերազմ է, սպիտակ ջարդ է: Սեւ ջարդը տեսանք, մահերը տեսանք, սեւ օրեր տեսանք, սպիտակ դագաղներ տեսանք, հիմա ալ սպիտակ ջարդը կը տեսնենք:

Որպէս հայ գաղութ, թէ  ինչքա՞ն կրնանք դիմանալ, դժուար է ըսել: Այսօր մեր թիւը շատ նօսրացած է, վերջին տուեալներով, 7500-8000 հայ մնացած է 6,000,000 Հալէպին մէջ, պատկերացուցէք, եւ այս թիւը երթալով կը նօսրանայ:

Ես կը կարծեմ, որ ահաւոր պիտի ըլլայ վիճակը, եթէ այս հարցը Ռուսաստանի կողմէն չլուծուի. Ռուսաստանը հիմա որոշած է միջամտել, որ կազի, նաւթի, դեղորայքի նաւերը  իր միջոցաւ Սուրիան եւ այդ   մէկը լաւագոյն լուծումն է  այսօրուան   տագնապներուն։

 

-Ի՞նչ կ'ուզէք ըսել հալէպահայերուն: 


Մէկ պատգամ ունիմ մեր հալէպահայ ժողովուրդին՝ ձուլման մի երթաք, մեր սրտերը, մեր հոգիները կը ցաւին, երբ կը տեսնենք հայ ընտանիք մը Ամերիկա, Գանատա, Աւստրալիա, Ֆրանսա, Գերմանիա կը գաղթէ, իմ կարծիքով այդ գաղթին հետ մենք կը կորսնցնենք մեր հայապահպանումը. Միայն Հայաստանի մէջ է, որ այդ հարցը չունինք, հետեւաբար կոչս է՝ ինչ ալ պատահի, ինչքան դժուար պայմաններու ալ մատնուիս, հասցէդ մէկ ըրէ՝ Հայաստան:

Անշուշտ այս հարցին մէջ իր կարեւոր դերը պէտք է ունենայ նաեւ Հայաստանի նորակազմ կառավարութիւնը: Ես այս խօսքը օրին  ըսած եմ  Սփիւռքի նախկին նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանին. Ըսի՝ Սուրիայէն գանձեր եկած են Հայաստան, կ'ուզեմ պահէք այդ գանձերը, որպէսզի Հայաստան գալով Գանատա, Ամերիկա չերազեն: Հայաստանը էսքալի տեղ չէ՝ եկայ, անցայ, գացի, ո՛չ, Հայաստանը մեր երկիրն է եւ մենք պէտք է միասնաբար զարգացնենք մեր հայրենիքը: