Հալէպի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ 18 Յունուրէն ի վեր քաղաքը ընդհանրապէս ջրազրկուած է: Հալէպահայերը ինչպէս շրջանի միւս բնակիչները, նոյնպէս կը գտնուին ծանր վիճակի տակ: Անոնք ստիպուած կըլլան բաւական բարձր գիներով ջուր գնել առօրեայ օգտագործման համար: Քաղաքին մէջ ըմպելի ջուրի տագնապը դարձած է սուր: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ ելեկտրականութեան տագնապի մասին:
Ինչ կը վերաբերի տնտեսական ընդհանուր դրութեան, հալէպահայը այսօր յայտնուած է ծանր իրավիճակի մը առջեւ, որովհետեւ անոր վաստակած գումարները չեն բաւարարեր առօրեայ պէտքերը հոգալու ծախսերուն: Ապահովական առումով, յաճախ եւ մասնաւորապէս վերջին օրերուն Հալէպի տարբեր շրջաններ ենթարկուած են հրթիռարձակումներու: Թէեւ մարդկային զոհեր չեն եղած, բայց կան նիւթական ծանր վնասներ:
Յիշեցնենք, որ արդէն հինգերորդ տարին թեւակոխող սուրիական պատերազմը պատճառ դարձած է մեծ թիւով հալէպահայերու շրջանէն հեռանալուն: