Հալէպի մէջ այսօր գրանցուած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն մէջ կան հայեր: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Հալէպի «Արեւելք»ի թղթակից Ժիրայր Կարապետեանէն: Նշենք, որ նախնական տուեալներով հայ զոհերուն թիւը կը հասնի 2-ի: Մեր թղթակիցը նաեւ կը յայտնէ, որ այսօրուան հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած է Ճօրճ Թաշճեան անունով մեր հայրենակիցը: Հալէպահայ Թաշճեան 1982 թուականին ծնունդ է: Նախապէս հաղորդած էին, որ ընդհանուր զոհերուն թիւը կը հասնի 17-ի, որոնց մէջ կան կին մը եւ 3 երեխաներ: