image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ այսօր զոհուած է Ճօրճ Թաշճեանը

Հալէպի   մէջ  այսօր զոհուած է  Ճօրճ Թաշճեանը

Հալէպի  մէջ  այսօր  գրանցուած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած  զոհերուն մէջ կան  հայեր: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք   Հալէպի   «Արեւելք»ի թղթակից  Ժիրայր Կարապետեանէն:   Նշենք,  որ նախնական տուեալներով     հայ զոհերուն  թիւը կը հասնի   2-ի: Մեր  թղթակիցը նաեւ կը յայտնէ, որ   այսօրուան հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած է Ճօրճ  Թաշճեան  անունով մեր հայրենակիցը:  Հալէպահայ Թաշճեան 1982  թուականին ծնունդ է: Նախապէս հաղորդած էին, որ    ընդհանուր զոհերուն թիւը  կը հասնի 17-ի, որոնց   մէջ կան   կին մը  եւ   3 երեխաներ: