Անցեալ շաբաթներուն Հալէպի մէջ եղած ծանր մարտերուն ընթացքին անհետացած հայ զինուորը կը կոչուի՝ Յարութ Քահքէճեան: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող Յարութ Քահքէճեան, որ կը ծառայէր Հալէպի «Ալ Հըքմէ» վարժարանին մօտ եղող դիրքերուն մէջ, այս ամսուան սկիզբէն ի վեր կը մնայ անհետացած: Յարութի հայրը ՝ Յակոբ Քահքէճեան, մեր աղբիւրին խօսելով նոյնպէս հաստատած է, որ իր որդին այս ամսուան սկիզբէն ի վեր կը մնայ անյայտ: Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» այս մասին լրատուութիւն մը ըրած էր 3 օգոստոսին գրելով, թէ «Ալ Հըքմէ» վաժարանին շուրջ եղող մարտերուն ընթացքին վիրաւորուած են երկու հայ զինուորներ, մինչ առաջինը փոխադրուած էր հիւանդանոց, երկրորդին ճակատագիրը կը մնար անյայտ: Հալէպի մեր աղբիւրին տեղեկութիւններուն համաձայն, երկրորդ հայ զինուորին (վիրաւորեալ) մասին եղած տեղեկութիւնը անստոյգ է ու շատ հաւանական է, որ ան հայ մը չըլլայ: